2012-09-04 13:50:35

Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Ս. Էջմիածինի Մէջ, Սուրիոյ Դէպքերու Զոհերուն Յիշատակին Համար։


Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ս. պատարագի աւարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած հայորդիներուն եւ հաւատակիցներուն համար: Սուրբ պատարագին եւ հոգեհանգիստին ներկայ էին Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը, ինչպէս նաեւ սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւորներ: Նախքան արարողութիւնը` Ս. Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ սուրիահայ համայնքին: Ան ցաւ յայտնեց Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապին համար եւ յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի միաբանութեան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: Սրբազանը նշեց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին, որ Քրիստոսի խաղաղութեան Աւետարանի քարոզիչն է, մշտապէս երկխօսութեան եւ համերաշխութեան կոչեր կ՛ուղղէ: Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը: Զրոյցին ընթացքին վեհափառը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու խաղաղ ու համերաշխ գոյակցութեան հարուստ պատմութեան` գոհունակութեամբ նշելով հայ համայնքին նկատմամբ դարերու ընթացքին եւ մասնաւորաբար ցեղասպանութեան օրերուն Սուրիոյ իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին կողմէ դրսեւորուած եղբայրական հոգատար վերաբերմունքը: Իր մտահոգութիւնը արտայայտելով Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին առիթով` վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան, ներքաղաքական կայունութեան ու հասարակական համերաշխութեան շուտափոյթ հաստատումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.